Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը վերջին օրերուն Թուրքիոյ մէջ շարունակուող ահաբեկչական գործողութիւնները դատապարտող յայտարարութիւն մը տարածած է` յորդորելով զերծ մնալ Թուրքիոյ հայ համայնքը թիրախաւոեւող յայտարարութիւններէ եւ հրապարակումներէ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը, յայտարարութեան մէջ պատրիարքարանէն յայտնած են, որ իրենք կ՛աղօթեն Թուրքիոյ միասնականութեան ու ամբողջականութեան վնասող ահաբեկչական դէպքերուն վերջ տալու եւ տեւական խաղաղութեան հաստատման համար:
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը իր մտահոգութիւնը յայտնած է այն փաստին առնչութեամբ, որ շատ յաճախ թրքական լրատուամիջոցներուն մէջ տեղ կը գտնեն տարբեր յօդուածներ, որոնք կը թիրախաւորեն Թուրքիոյ հայ համայնքը: «Ժամանակ առ ժամանակ որոշ գրողներու` մեր համայնքը թիրախաւորող եւ զայն ահաբեկչական խմբաւորման հետ նոյնականացնող արտայայտութիւնները խորապէս կը վիրաւորեն այս հայրենիքին մշտապէս հաւատարիմ եւ քաղաքացիական գիտակցութիւն ունեցող հայ քաղաքացիները: Իրենք իրենց Թուրքիոյ մէկ մասը համարող հայ քաղաքացիներուն դէմ անարդար արտայայտութիւններ օգտագործելը բարեգթութեան մէջ չտեղաւորուող կեցուածք է: Վստահ ենք, որ մեր ազգի մեծամասնութիւնը համակարծիք չէ այս օտարացնող արտայայտութիւններուն»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Պատրիարքարանը խստօրէն կը դատապարտէ որեւէ տեսակի ահաբեկչական գործողութիւնները երկրին մէջ` իր վշտակցութիւնը յայտնելով բոլոր այն ընտանիքներուն, որոնք այս օրերուն կորուստներ ունեցած են: