ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի խորհրդարանին մէջ 14 Մարտին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Ռուսիոյ Ծերակոյտի Միջազգային հարցերու յանձնախումբի ատենապետ Քոնսթանթին Քոսաչեւ վստահեցուց, թէ Ռուսիա միայն կ՛իրականացնէ այն պայմանագիրները, որոնք Ատրպէյճանի հետ կնքուած էին մինչեւ 2016-ի Ապրիլ։
Ան այս հաստատումը կատարեց՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ռուսիա ինչո՛ւ կը դատապարտէ Ուքրանիոյ զէնք վաճառելու Միացեալ Նահանգներու քայլը՝ պնդելով, որ հակամարտող երկրին պէտք չէ զէնք ծախել, մինչդեռ ինք Ատրպէյճանին 2011-էն ի վեր մօտաւորապէս 5 միլիառ տոլար արժող զէնք վաճառած է:
Քոսաչեւ ըսաւ. «Բարեբախտաբար, Արցախի հակամարտութիւնը Ուքրանիոյ նման սուր ճակատումի վիճակի մէջ չէ: Բոլորս կը հասկնանք, որ իրավիճակը պայթուցիկ է ու 2016-ի Ապրիլի իրադարձութիւնները անոր ապացոյցն էին: Մենք պարտաւոր ենք 2016-ի Ապրիլէն առաջ կնքուած համաձայնագիրներու պայմանները յարգել, բայց այն վիճակը, որ եղած էր մինչեւ 2016-ի Ապրիլ, ըստ իմ ունեցած տեղեկութիւններուն՝ ապագային պիտի չվերարտադրուի նոյն այն մակարդակներով, որոնք մինչ այդ կ՛իրականացուէին: Մենք կ՛արձագանգենք այն իրավիճակին, որ եղաւ 2016-ի Ապրիլին, եւ ասոր մէջ ոչ մէկ կասկած կայ»։