Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի ձմեռնային նստաշրջանի օրակարգին ընդգրկուած հակահայկական զեկոյցներու դէմ համացանցին մէջ նախաձեռնած ստորագրահաւաքին նպատակը հասարակական մեծ շարժում սկսիլն ու հայ հասարակութեան այդ զեկոյցներուն մասին տեղեակ պահելն է:
Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, կը յայտնեն Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակէն։ «Ստորագրահաւաքին միացած են ոչ միայն հայեր, այլ նաեւ օտարեկրացիներ, որոնք կ՝ընդվզին Ատրպէյճանի աշխատաոճի եւ եւրոպական շարք մը կառոյցներու ոչ ժողովրդավարական կեցուածքին դէմ»,- ըսուած է Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի աշխատակիցներուն կողմէ:
Գրասենեակէն յայտնած են նաեւ, որ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին հայաստանեան պատուիրակութեան անդամները Յունուար 26-ին լիագումար նիստի ընթացքին, երբ կը քննարկուին հակահայկական զեկոյցները, պէտք է ներկայացնեն նաեւ անոնց դէմ կազմակերպուած ստորագրահաւաքին արդիւնքները:
Յիշեցնենք, որ ԵԽԽՎ ձմեռնային նստաշրջանի օրակարին ընդգրկուած է երկու հակահայկական զեկոյց` բրիտանացի խորհրդարանական Ռոպերթ Ուոլթըրի «Բռնութեան աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միւս գրաւուած տարածքներուն մէջ» եւ Պոսնիայի ու Հերցեկովինայի ներկայացուցիչ Միլիցա Մարգովիչի «Ատրպէյճանի սահմանամերձ բնակավայրերու բնակիչները կանխամտածուած կերպով կը զրկուին ջուրէ» զեկոյցները: Զեկոյցները քուէարկութեան կը դրուին, այսօր՝ Յունուար 26-ին:
Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը համացանցի վրայ ստորագրահաւաք նախաձեռնած է` ընդդէմ ԵԽԽՎ օրակարգում ընդգրկուած հակահայկական զեկոյցներուն: Առցանց ստորագրահաւաքին միացած է աւելի քան 8000 մարդ: