Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Ժողովրդա-հանրապետական» (CHP) կուսակցութեան հայ կին պատգամաւոր Սելինա Տողանի facebook-ի էջին կատարած արձանագրութիւնը խիստ անհանգստացուցած է թուրք ազգայնականները։ Այս մասին կը գրէ News.am-ը:
«Ժողովրդա-հանրապետական» կուսակցութեան Սթամպուլի կառոյցին հետ Տիարպեքիր այցելած Սելինա Տողան՝ այցին վերաբերեալ տպաւորութիւնները գրած է facebook-ի էջին, ուր Տիարպեքիրը ներկայացուցած է նաեւ իբրեւ Տիգրանակերտ:
Այս արձանագրութիւնը անհանգստացուցած է թրքական ազգայնականները, որոնք Սելինա Տողանի յայտարարութեան դէմ յօդուածներ պատուիրած են տարբեր կայքերու մէջ: