ՊՐԱԹԻՍԼԱՒԱ, «Էյ. Թի.».- Սլովաքիոյ մէջ կայացած Եւրոպայի գեղասահքի ախոյեանու-թեան ընթացքին, Յունուար 29ին իր դասակարգին մէջ ախոյեանի տիտղոսը խլած է Ռուսիան ներկայացնող 16ամեայ ռուսահայ Եւկենիա Արմանովնա Մետվետեւան՝ ապահովելելով 215.45 կէտ։
Ան անցեալ տարի շահած էր կրտսերներու ախոյեանի տիտղոսը, իսկ Դեկտեմբերին՝ «Կրանտ Փրի» մրցաշարքի տիտղոսը՝ ապահովելով այդ մրցաշարքի պատմութեան մէջ երրորդ ամենաբարձր նիշը՝ 224.54։ Ան զաւակն է Արման Բաբաշեանին։