Գառնիկ Բանեանի հեղինակած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող յուշագրութեան անգլերէն թարգմանութիւնը՝ «Goodbye, Antoura։ A Memoir of the Armenian Genocide», պիտի ներկայացուի Հինգշաբթի, Փետրուար 18ին, երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Իրանահայ միութեան սրահին մէջ (117 S. Louise Street, Glendale, CA) կայանալիք ձեռնարկի մը ընթացքին։ Այս մասին կը հաղորդէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։
Ներկայացումը կազմակերպուած է Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեանց ազգային միութեան (NAASR) կողմէ եւ կը վայելէ համահովանաւորութիւնը «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանին, Համազգայինի Ճեմարանի շրջանաւարտից միութեան, ինչպէս նաեւ Նոր Սերունդ եւ Թէքէեան Մշակութային Միութիւններուն։
Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան հեղինակի դուստրը՝ Հուրի Բանեան-Պոյամեան (Ուոթըրթաունի Ս. Ստեփանոս Ազգային վարժարանի տնօրէն), դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Արդի հայոց պատմութեան ամպիոնի պատուոյ դասախօս) եւ Մորիս Միսաք Քէլէշեան (անկախ ուսումնասիրող)։ Նաեւ, տեսանիւթի մը միջոցաւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ դոկտ. Քիթ Տէյվիտ Ուեթընփաու (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Տէյվիսի մասնաճիւղ), իսկ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան («Ուուտպըրի» համալսարանէն, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ) պիտի ստանձնէ հանդիսավարի պաշտօնը։
Գառնիկ Բանեանի յուշագրութեան անգլերէն թարգմանութիւնը անցեալ տարի լոյս տեսած էր «Սթենֆըրտ» համալսարանի տպարանէն։ Անիկա պատմութիւնն է Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն վերապրած Գառնիկ Բանեանի, որ Կիւրինէն Լիբանանի Այնթուրա գիւղի որբանոց հասած է եւ ականատես դարձած որբերը թրքացնելու անմարդկային նախաձեռնութեան: Գառնիկ Բանեան աւելի ուշ երկարամեայ ուսուցիչ եւ Պէյրութի Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի փոխտնօրէնը եղած է:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (617) 489-1610 թիւին կամ [email protected] հասցէին։