ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի կարգադրութեամբ Սուրէն արք. Գաթարոյեան նշանակուած է Գանատայի թեմի հայրապետական ներկայացուցիչ՝ մինչեւ թեմակալ առաջնորդի յառաջիկայ ընտրութիւնը: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցուի Գանատայի թեմի Ազգային առաջնորդարանի դիւանին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ Արամ Ա. 16 Փետրուար 2016 թուակիր նամակով ընդունած է Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի հրաժարականը թեմակալ առաջնորդի պաշտօնէն: Սրբազանը իր հրաժարականը ներկայացուցած էր 30 Հոկտեմբեր 2015 թուակիր նամակով: Յիշեցնենք, որ Սուրէն արք. Գաթարոյեան երկար տարիներ եղած է Բերիոյ թեմի առաջնորդ: