ԵՐԵՒԱՆ.- Հինգշաբթի, Փետրուար 25ին, «Արեւելք» լրատուական կայքով, Սոֆիա Յակոբեան կը հաղորդէ, թէ ներկայիս Թուրքիոյ սահմաններէն ներս գտնուող Պուրսա քաղաքին մէջ ծախու է 300 տարուան հնութիւն ունեցող եկեղեցի մը, որուն «սեփականատէր»ը արտասահման կը բնակի։
Վաճառքը իրականացնող միջնորդը յայտարարութեան մէջ գրած է. «Եկեղեցի մը ծախու է. աննախադէպ առիթ. յարմար՝ ամէն տեսակի օգտագործման համար»:
Եկեղեցին կը գտնուի Պուրսայի Սեթպաշը թաղամասին մէջ, որ 20րդ դարու սկիզբը յայտնի էր իբրեւ քաղաքի հայկական թաղամաս:
«Հապերթիւրք»ի համաձայն՝ եկեղեցին պաշտօնապէս գոյքագրուած է 1986ին իբրեւ «հասարակական-մշակութային տարածք»: Եկեղեցւոյ երեք յարկանի շէնքին գինը 1.5 միլիոն տոլար գնահատած է:
Ի դէպ, անցեալ տարի Պուրսայի Մուտանիա շրջանին մէջ 1 միլիոն տոլարով վաճառքի հանուած էր մէկ այլ եկեղեցի մը, որ բիւզանդական էր։