Երկօրեայ բախումներէ ետք սուրիական բանակը իր ամբողջական հակակշռին տակ առաւ Հալէպի Համտէնիէ շրջանի 1070 բնակարանային համալիրի տարածքը՝ ետ մղելով զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները ու մեծ կորուստներ պատճառելով անոնց: Այս մասին կը հաղորդէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը։