Պոլսահայ յայտնի լրագրող Արիս Նալճըն, որ 2014-ին այցելած էր Արցախ, յայտնուած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան «սեւ ցուցակ»-ին մէջ:
Ըստ պոլսոյ «Ակօս» օրաթերթին` «Ատրպէյճանի մէջ անցանկալի համարուող անձեր» վերնագրուած յայտնի ցուցակին մէջ Նալճըն 591-րդ անձն է:
Պոլիս ծնած եւ ներկայիս Պելճիքա բնակող հայ լրագրողը, 2014-ին, Հայաստան այցելութեան միջոցին, այցելած էր Արցախ եւ ճանապարհորդութեան մասին գրած իր յօդուածը լոյս ընծայած էր T24.com.tr թրքական կայքին մէջ:
Պոլսահայ լրագրողի արցախեան թեմայով այս յօդուածէն խիստ անհանգստացած ատրպէյճանցիները՝ այս տարի Արիսը ընդգրկած են իրենց «սեւ ցուցակ»-ին մէջ:
Նշենք, որ ցուցակի հեղինակները յայտարարած են. «Եթէ ցուցակին մէջ յայտնուած անձը գիտակցի իր յանցանքն ու հրաժարի յետագային առանց Ատրպէյճանի արտօնութեան Ղարաբաղ մեկնելէն, տուեալ անձին անունը հաւանական է հանուի ցուցակէն»: Պոլսահայ Արիսը տրամադրութիւն չունի ներկայացնելու այդպիսի դիմում: