Օրեր առաջ անհետացած սուրիական բանակի հայ զինուորական ծառայող Յարութ Մանուկ Պաղտոյեան (1992-ի ծնունդ) նահատակուած է:
Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթին հաղորդած տեղեկութիւններով՝ Պաղտոյեան նահատակուած է Հալէպի հարաւարեւմտեան շրջանի բախումներուն ընթացքին:
Նահատակ հայորդիին դիակը ծնողքին պիտի յանձնուի վաղը առաւօտեան: