ՀՀ նորանշանակ վարչապետ Կարէն Կարապետեան պաշտօնը ստանձնելէ ետք կառավարութեան առաջին նիստին խօսած է փտածութեան դէմ պայքարի մասին եւ յանձնարարած վերանայիլ կազի եւ ելեկտրականութեան սակագնային քաղաքականութիւնը:
Փտածութեան դէմ պայքարը վարչապետը բնութագրած է իբրեւ հանրութեան բաւական հետաքրքրող թեմա, ան տեղեկացուցած է, որ այդ ուղղութեամբ աշխատանք կը տարուի` կը ստեղծուին համապատասխան նոր յանձնաժողովներ` գործողութիւնները համակարգելու նպատակով:
Ընկերային մասով Կարէն Կարապետեան առաջարկած է վերանայիլ կազի եւ ելեկտրականութեան սակագնային քաղաքականութիւնը եւ համապատասխան յանձնարարականներ տուած է Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովին, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու, Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարներուն: