ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հոկտեմբեր 6ին արձագանգած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի կողմէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման մասին կատարուած վերջին յայտարարութեան:
Ռուսական «Ռաշա Թուտէյ»ի մէկ հարցումին պատասխանելով՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովա ըսած է. «Կը կարծեմ, որ հակամարտութեան կարգաւորման համար նպաստաւոր են ոչ թէ յայտարարութիւնները, այլ՝ գործնական աշխատանքը, որ մենք կը զբաղինք»։