Երէկ` երկուշաբթի, 24 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ արուեստագէտ Կիւվտէրի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, որուն հանդիսապետեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:
Կիւվտէրի վաստակը յարգող հայ թէ օտար արուեստագէտներ, արուեստի դասախօսներ եւ անոր արուեստն ու վաստակը գնահատող բազմութիւն մը ներկայ էր եկեղեցական արարողութեան:
Այս առիթով դամբանական խօսքեր արտասանեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան եւ «ԱԼՊԱ» համալսարանի նախագահ փրոֆ. Անտրէ Պըխազի:
Բոլորն ալ անդրադարձան Կիւվտէրի արուեստի վաստակին, մարդկային բարձր արժանիքներուն եւ իբրեւ դաստիարակ սերունդներու պատրաստութեան մէջ անոր առաքելութեան:
Առաջնորդ սրբազանը այս առիթով փոխանցեց Արամ Ա. կաթողիկոսի ցաւակցութիւնները:
Ապա հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը եւ ամփոփուեցաւ ընտանեկան դամբարանին մէջ: