ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Ըստ Արցախի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարարութեան փոխանցած տուեալներուն՝ 2017-ին Արցախի մէջ արձանագրուած է 961 ամուսնութիւն՝ նախորդ տարուան 934-ի փոխարէն: Ամուսնացող տղամարդոց միջին տարիքը 28-ն է, իսկ կիներունը՝ 23-ը:
Նախարարութեան տուեալներով 2017-ին արձանագրուած է 227 ամուսնալուծութիւն՝ նախորդ տարուան 168-ի փոխարէն: Ամուսնալուծուողներուն միջին տարիքը 33-ն է: Ամուսնալուծութեան դիմում կը կատարեն առաւել յաճախ կիները: Ամուսնալուծուող քաղաքացիներէն 153 զոյգը ունի անչափահաս երեխայ: