Գինիի «Ուայն Էնթուզիասթ» պարբերաթերթին Եագուպեան-Հոպպզի վերջին արդիւնքները, հրապարակուած են ուր «2017 Արենի»-ն տեղ գտած է 2021-ի լաւագոյն գինիներու առաջին հարիւրին մէջ, ըլլալով միակ հայկական գինին այդ ցանկին վրայ:
«Արենի», «Սարփինա Արենի» եւ «Ուայթ Պլենտ» գինիները պատրաստուած են հայաստանեան խաղողի իւրայատկութիւնն ու այլազանութիւնը օգտագործելով: Տարածաշրջանի բարձրաբերձ ըլլալն ու հանքային բերրի հողը անզուգական հաւասարակշռութիւն, թարմ թթուածութիւն եւ պտղահամ յատկութիւն մը տուած են գինիներուն: