2017թ. Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած ԱՄՆ նահանգներու թիւը հասած է 48-ի: Նման տուեալներ հրապարակած է ԱԳ նախարարութիւնը` ամփոփելով 2017 թուականի ընթացքին գործունէութիւնը:
Անցած տարի Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած եւ դատապարտած նահանգներուն միացած են Վայոմինկը (ապրիլ 21), Թեխասը (մայիս 19), Այովան (օգոստոս 24), Ինտիանան (նոյեմբեր 6):
Նախարարութենէն կը յիշեցնեն, որ ապրիլ 25-ին Չեխիայի խորհրդարանի Պատգամաւորներու պալատն ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ: Հաշուետու տարուայ ընթացքին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած եւ դատապարտած են նաեւ շարք մը երկիրներու տեղական ինքնակառավարման մարմիններ:
Արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը կը յայտարարէ, որ 2017թ. հայկական դիւանագիտութեան առաջնահերթութիւններուն շարքին կը շարունակէր մնալ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ դատապարտումը, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը նոր ցեղասպանութիւններու, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգելման ուղղուած միջազգային հանրութեան ջանքերուն մէջ: