Ըստ «Խաղաղութեան երկխօսութիւն» ոչ-կառավարական կազմակերպութեան՝ Հայաստանի զինուած ուժերուն եւ Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակին մէջ, 2017-ին արձանագրուած են մահուան 59 պարագաներ, 25-ը՝ Հայաստանի, 34-ը Արցախի մէջ:
Անոնցմէ 6-ը սպանութեան (ներքին), 8ը անձնասպանութեան, 22-ը հրադադարի խախտումի, 9-ը արկածի, 3-ը անզգուշութեան, 3ը առողջական հարցերու, 3-ը ապահովութեան օրէնքներու զանցումի հետեւանք են: Հինգ ուրիշներու պարագաներու հանգամանքները տակաւին չեն պարզուած:
Հետաքրքրական է, որ Ատրպայճան մարդկային իր կորուստներուն վերաբերեալ նոյն թիւը հրապարակած է: