ՊՈԼԻՍ.- «Ժամանակ» օրաթերթը, կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը 29 Յունիսին պաշտօնապէս Պոլսոյ նահանգապետարան ներկայացուցած է Եկեղեցական ժողովին կողմէ ընդունուած վերջին որոշումը, որով դադրեցուած կը համարուին Արամ արք. Աթէշեանի լիազօրութիւնները որպէս պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ:
Եկեղեցական ժողովի որոշումը նահանգապետարանին յանձնած է Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ եպս. Մաշալեան: Ան յայտնած է, որ որոշումը պիտի կցուի նախապէս Պոլսոյ նահանգապետարան ուղղուած դիմումին: Այդպիսով, պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ պետութեան ներկայացուած թղթածրարը աւելի ամբողջական պիտի դառնայ:
«Այժմ պէտք է սպասենք, որ նահանգապետարանին կամ պատկան այլ մարմիններու կողմէ նամակ ուղարկուի տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեանին, կամ զայն հրաւիրեն նահանգապետարան՝ հանդիպումի», նշած է Մաշալեան:
4 Յուլիսին, պատրիարքարանին մէջ, Պէքճեանի գլխաւորութեամբ տեղի պիտի ունենայ համայնքային խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին, բացի համայնքային հաստատութիւններու ղեկավարներէն, ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Կրօնական ժողովի անդամները: Այդ ժողովին ընթացքին պատրիարքի ընտրութեան կազմակերպման նպատակով, պիտի կազմուի նախաձեռնող խումբ մը, որ պիտի ունենայ 17 անդամ: Անոնցմէ 12ը պիտի առաջարկուին եւ ընտրուին համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ, իսկ մնացեալ 5 անդամը՝ պատրիարքարանին վերապահուած քոթայէն:
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի Եկեղեցական ընդհանուր ժողովը 28 Յունիսին որոշում կայացուցած է դադրեցնելու Արամ արք. Աթէշեանի լիազօրութիւնները որպէս պատրիարքական փոխանորդ: