Պոլսոյ Հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութիւնը կազմակերպող Նախաձեռնող խումբը իր անդրանիկ նիստը պիտի գումարէ Երկուշաբթի, 10 Յուլիսին:
Պատրիարքական տեղապահ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքչեանի գլխաւորութեամբ գումարուելիք նիստին ընթացքին պիտի կազմուի Նախաձեռնող խումբի դիւանը: Դիւանը կազմուելէ ետք, Նախաձեռնող խումբի անդամներուն ցուցակը պիտի ներկայացուի Իսթանպուլի նահանգապետութեան: