Ուաշինկթըն, Թոքիօ եւ Սէուլ համոզուած են, թէ Մոսկուային կարեւոր դերակատարութիւն վերապահուած է Հիւսիսային Քորէայի հետ լարուածութիւնը մեղմացնելու ուղղութեամբ:
Համպուրկի մէջ, նախքան «G-20 » անդամ երկիրներու գերաստիճանին պաշտօնական բացումը, Մ. Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ, Ճափոնի վարչապետ Շինզօ Ապէ եւ Հարաւային Քորէայի նախագահ Մուն Ժէ Ին եռակողմ հանդիպում մը ունեցան եւ քննարկեցին հիւսիային Քորէայի հրթիռային ծրագիրը:
75 վայրկեան երկարող հանդիպումի աւարտին, երեք ղեկավարները ընդգծեցին, թէ Մոսկուա մեծ դերակատարութիւն կրնայ ունենալ Հիւսիսային Քորէայի հետ լարուածութիւնը մեղմացնելու ուղղութեամբ: