Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցող Համաշխարհային Նաւթային 22-րդ խորհրդաժողովի ծիրին մէջ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ իր պաշտօնակիցին Ռեճէփ Թայիփ Էրտողանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին, այլ հարցերու կողքին քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան թղթածրարը: Թուրքիոյ նախագահը հերթական անգամ իր աջակցութիւնը յայտնեց «փոքր եղբօրը»՝ շեշտելով, թէ հիմնախնդիրը պէտք է լուծել Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան հիման վրայ:
Հանդիպման աւարտին երկու նախագահները նշեցին, թէ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կողք կողքի կեցած են բոլոր հարցերու մէջ: