Արցախի հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Կարէն Միրզոյեան ընդունեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ամառնային մասնագիտական փորձառութեան ծրագիրի շրջանակներու մէջ ճանաչողական այցելութեամբ Սփիւռքի տարբեր ափերէն Արցախ ժամանած հայ ուսանողներ:
Կարէն Միրզոյեան իր հիւրերուն ներկայացուց Արցախի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները, ատպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը ինչպէս նաեւ պետականաշինութեան բնագաւառին մէջ արձանագրուած ձեռքբերումները:
Արցախի արտաքին գործոց նախարարը բարձր գնահատեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հայանպաստ գործունէութիւնը Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ:
Հանդիպման վերջաւորութեան Կարէն Միրզոյեան պատասխանեց սփիւռքահայ ուսանողներու հարցումներուն: