Հայաստանի պասքեթպոլի տղոց հաւաքականը կը նախապատրաստուի աշխարհի ախոյեանութեան զտման փուլի մրցումներուն:
Զտման փուլի մրցումները պիտի սկսին 2 Օգոստոսին: Հայաստանի հաւաքականին մրցակիցները պիտի ըլլան Պոսնիան, Շուէտը եւ Սլովաքիան: Հայաստանի հաւաքականը իր մարզումները կը կատարէ Դաւթաշէնի մէջ: Հաւաքականը, 24-29 Յուլիսի միջեւ Երեւանի մէջ պիտի ունենայ բարեկամական կարգ մը հանդիպումներ: