Եւրոպական Միութիւնը որոշեց մէկուկէս միլիոն եուրօ գումար մը տրամադրել Սուրիոյ մէջ ռազմական յանցագործութիւններու հետաքննութիւնները կատարելու նպատակով: Այս լոյսին տակ, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին որոշումով, արդէն իսկ կազմուած է հետաքննութեան անկախ յանձնախումբ մը:
Հետաքննութեան անկախ յանձնախումբը պիտի փորձէ բացայայտել Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին քիմիական զէնք օգտագործող կողմերը: Յանձնախումբին մաս կը կազմեն իրաւաբաններ, օրէնսգէտներ եւ գիտնականներ: