ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ըստ «Թասս» լրատու գործակալութեան՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Արտեմ Քոժին 20 Յուլիսին յայտարարած է, թէ իրականութեան չի համապատասխաներ «Իզվեթտիա» թերթին այն հրապարակումը, թէ պաշտօնական Մոսկուան առաջարկած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւ միջեւ հանդիպում մը կազմակերպել՝ Մոսկուայի մէջ:
Նշեալ թերթը այդ լուրը վերագրած էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրի մը։