Քրէական Ոստիկանութեան Միջազգային Կազմակերպութիւնը (Ինթէրփոլ) կազմած է «իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան անդամ 173 ահաբեկիչներու անուանացանկ մը:
Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթին համաձայն, ցուցակը կազմած է Միացեալ Նահանգները՝ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ քաղած տեղեկութիւններուն լոյսին տակ եւ փոխանցած է «Ինթէրփոլ»ին:
Ցուցակին մէջ արձանագրուած անունները ի վիճակի են առանձին պատրաստելու եւ տեղադրելու տարբեր պայթուցիկներ: