Ռաֆայէլ Նատալ պիտի բացակայի թենիսի Համպուրկի միջազգային մրցաշարքէն: Սպանացի մարզիկը մտադրած է հանգստանալ: Ան մերժած է մրցաշարքի նախագահութեան կողմէ իրեն շնորհուած «Ճերմակ Տոմս»ի կարելիութիւնը:
Համպուրկի միջազգային մրցաշարքէն նաեւ պիտի բացակայի աշխարհի թիւ 1՝ Էնտի Մըրէյը: Նատալ, ներկայիս կը գրաւէ թենիսի համաշխարհային դասաւորման երկրորդ դիրքը: