Վենեզուելայի ընդդիմութիւնը մտադրած է բողոքի երկու մեծ հաւաք կազմակերպել յառաջիկայ քանի մը օրերուն: Ընդդիմութիւնը կը պահանջէ նոր անդամներ աւելցնել երկրին Գերագոյն Ատեանի կազմին մէջ: Սակայն Վենեզուելայի գործող Գերագոյն Ատեանը անվավեր կը յայտարարէ ընդդիմութեան պահանջը:
Ապրիլի սկիզբէն ի վեր Վենեզուելայի մէջ տեղի կ’ունենան բողոքի ցոյցեր: Ընդդիմութիւնը կը մերժէ նախագահ Մատուրոյի իրաւասութիւնները ընդլայնելու երկրի Գերագոյն Ատեանին որոշումը: Այս միջոցին արդէն զոհուած է 90 մարդ: Տեղի ունեցած են քանի մը հազար ձերբակալութիւններ