Ես՝ Ժագ Ս. Յակոբեանս, ծնած պատմափայլ Երուսաղէմի մէջ՝ 1 Օգոստոս 1917ին, այսօր՝ 1 Օգոստոս 2017ին, Աստուծոյ կամքով, Աստուծոյ շնորհով, Աստուծոյ ողորմութեամբ ողջ-առողջ կ՛ողջունեմ իմ գոյութեանս 100րդ տարին։
Այս գերերջանիկ դէպքին համար, իմ Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի անունով, ծնկաչոք ու բազկատարած՝ փառք կու տամ Տէր Աստուծոյ եւ բազմապատիկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ սրտագինս Իրեն, ինծի՝ անարժանիս, Իր պարգեւած ու շռայլած ամէն տեսակի օրհնութիւններուն, շնորհներուն ու բարիքներուն համար, զորս վայելեր եմ, եւ որոնց շնորհիւ հարիւրամեակիս հասեր եմ։
Աղօթքս է, որ Իր՝ ինծի պարգեւած այս հարիւր տարիները, Ի՛ր փառքին ծառայած ըլլան իմ սիրելի եւ փայլուն ազգիս կեանքին ու ծառայութեան մէջ։
Հասցէ՝ Jacques S. Hagopian, 1678 Asbury Dr., Pasadena, CA 91104.
1 Օգոստոս 2017