ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի ազգային կինօթատրոնի ղեկավարութեան ծրագրած փոփոխութիւնները հայկական շարժապատկերի զարգացման համար նոր խթան պիտի հանդիսանան:
Ուրբաթ, 28 Յուլիսին, մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձաւ այդ փոփոխութիւններուն:
Ըստ նախարարին՝ նախկին աշխատակազմը արդիւնաւէտ չէ կառավարած կառոյցը: «Նոր ժամանակներ են եկել, դրանք նոր մօտեցումներ են պահանջում», յստակացուց նախարարը:
Ազգային կինօթատրոնի տնօրէնի պաշտօնակատար Շուշանիկ Միրզախանեան, իր կարգին, յայտնեց, որ գլխաւոր հարցերէն մէկը օտարերկրեայ ընկերութիւններու հետ կապեր հաստատելն է: «Մեզ անհրաժեշտ է նաեւ բաշխիչ ցանց ստեղծել, որը, կարելի է ասել, Հայաստանում գոյութիւն չունի: Բանն այն է, որ նկարահանուելուց յետոյ ֆիլմը պէտք է միջազգային շուկայում յայտնուելու միջոցներ ունենայ: Այս ոլորտն այդպէս է աշխատում», ըսաւ Միրզախանեան:
Ամերիկայէն հրաւիրուած ազգային կինօթատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Արսէն Բաղդասարեան, իր հերթին, նշեց, որ շարժապատկերի կեդրոնի աշխատանքը առաւելագոյն չափով թափանցիկ պէտք է դարձնել եւ բոլոր շարժապատկեր արտադրողներուն համար հաւասար հնարաւորութիւններ պէտք է ստեղծել:
Ամիրեան յայտնեց, որ այսօր Հայաստանի տարածքին 4-5 շարժապատկերի սրահ կայ, իսկ նոր ծրագիրը իրագործելէ ետք այդ թիւը կրնայ հասնիլ 40ի:
Բարեփոխումներու ծրագիրը իրականացնելու համար, պետութիւնը շուրջ 250 միլիոն դրամ յատկացուցած է: