ԱՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը կը յայտարարէ Ստեփանակերտին նուիրուած ֆիլմերու մրցոյթ:
Մրցութային աշխատանքները գնահատելուն հաշուի կ’առնուին գաղափարը, բեմադրական եւ լուսանկարչական կազմակերչակական աշխատանքը, կատարման որակը:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` մասնակցութեան համար անհրաժեշտ է ԱՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան էլ. փոստին ([email protected]) ուղարկել մրցոյթին մասնակցութեան յայտը եւ մրցութային աշխատանքը` հեղինակի մասին տեղեկութիւններով:
Մրցութային ֆիլմերուն ներկայացուող պահանջները հետեւեալն են.
Տեւողութիւնը` մինչեւ 5 վայրկեան, Անուանումը` հեղինակի ընտրութեամբ:
Յայտերը կ´ընդունուին մինչեւ ս.թ. օգոստոս 31:
Լաւագոյն ճանչցուած ֆիլմը կ’արժանանայ Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան յատուկ մրցանակին:
Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար զանգահարել (097) 21 79 21 հեռախօսահամարով: