Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հովանիին տակ գործող AGBU FOCUS –ը երիտասարդական համաշխարհային հաւաք մըն , որ ի մի կը բերէ երիտասարդ հայ արհեստավարժներ՝ ծանօթանալու ՀԲԸՄ-ի մշակութային, ընկերային, տնտեսական ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ անոր իրագործումներուն:
AGBU FOCUS –ի առաջին միջոցառումը կազմակերպուած է Նիւ Եորքի մէջ 2001-ին, հայ երիտասարդներու առջեւ բանալով փայլուն ապագայի հեռանկարներ: Իւրաքանչիւր երկու տարին անգամ մը նախատեսուող այս հաւաքները առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ’ունենան Միջին Արեւելքի եւ Լիբանանի մէջ:
Աշխարհի տարբեր ափերէ Լիբանան ժամանած աւելի քան չորս հարիւր երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, Լիբանանի մէջ իրենց հինգօրեայ կեցութեան ընթացքին կը ծանօթանան Լիբանանի մշակութային հարստութիւններուն, կը մասնակցին խորհրդաժողվներու, քննարկումներու, կը փոխանակեն իրենց ասպարէզային փորձառութիւնները:
AGBU- FOCUS 2017- ը իր աշխատանքները կ’աւարտէ Կիրակի, 6 Օգոստոսին:
AGBU- FOCUS 2017-ի երիտասարդ- երիտասարդուհիները Շաբաթ, 5 Օգոսոտոսի երեկոյեան, Նահր ալ Քելպի «Տը Լեճընտ» ճաշարանին մէջ ներկայ պիտի գտնուին ընթրիքի մը: AGBU- FOCUS –ի բոլոր հասոյթները կը յատկացուին ՀԲԸՄ-ի կրթական ծրագիրներուն:
AGBU- FOCUS 2017-ի գործունէութեան մանրամասնութիւնները յաջորդիւ: