ՓԱՐԻԶ, «Պի.ՊԻ.Սի.».- Ամիսներ տեւած բանակցութիւններէ ետք, Ուրբաթ, 4 Օգոստոսին վերջապէս յստակացաւ, որ Պարչելոնա ակումբի պրազիլիացի ֆութպոլիստ Նէյմարը իր ասպարէզը պիտի շարունակէ Փարի Սեն Ժերմէն ակումբին հետ:
Ֆրանսական ակումբին քաթարցի տէրերը 260 միլիոն տոլար վճարեցին Նէյմարի «ազատ արձակումը» ապահովելու համար՝ հաստատելով փոխանցման սակի նոր մրցանիշ մը, որ նախկինի կրկնապատիկէն աւելի է։
Փարիզի ակումբը նաեւ շաբթական առնուազն 1 միլիոն տոլար պիտի վճարէ պրազիլցիացիին սպասարկութիւններուն դիմաց։