ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Սասնայ ծռեր» զինուած խումբի 18 անդամներու դատավարութիւնը Ուրբաթ, 4 Օգոստոսին սկսաւ արտառոց միջադէպով մը. կարգադրիչներն ու ոստիկանները բռնի ուժ գործադրելով՝ դահլիճէն հեռացուցին ամբաստանեալ Յովհաննէս Յարութիւնեանը, որ զայրոյթէն ձեռնափայտը ուժգին հարուածեց գետնին:
Յարութիւնեան կը փորձէր միջնորդութեամբ հանդէս գալ, սակայն դատաւորը արգիլեց եւ պատժեց զայն:
Փաստաբանները յայտարարեցին, որ Յովհաննէս Յարութիւնեան բռնութեան ենթարկուած է եւ ինքնաբացարկ յայտնեցին դատաւորին՝ ընդգծելով, որ մէկ ամսուան ընթացքին ասիկա արդէն երկրորդ դէպքն է. ոստիկանները՝ հրամանատար Արմէն Ղազարեանի գլխաւորութեամբ, դատարանին մէջ բռնութեան կ՛ենթարկեն «Սասնայ ծռեր»ու անդամները:
Զաւակին հանդէպ վերաբերմունքը տեսնելով՝ Լաուրա Յարութիւնեան բարկացաւ ու սկսաւ հարուածելու դատարանի ապակիները, քիչ ետք «Շտապ օգնութիւն»ը անոր փոխադրեց հիւանդանոց:
Դատաւորը դահլիճէն հեռացուց նաեւ 18 ամբաստանեալներէն վերջինը՝ «Սասնայ ծռեր»ու անդամ Պաւլիկ Մանուկեանի զաւակ՝ Արամ Մանուկեանը:
Դատաւորը երեք շաբաթով յետաձգեց նիստը: