ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գոծակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Արցախի հակամարտութեան հարցը դարձեալ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի օրակարգին վրակ դրուած է։ Արդարեւ, անիկա մաս կը կազմէ ՄԱԿի 72-րդ Ընդհանուր ժողովի օրակարգին՝ «Ատրպէյճանի բռնագրաւեալ տարածքներու իրավիճակը» խորագիրին տակ։
Ընդհանուր ժողովը պիտի կայանայ 12- 25 Սեպտեմբերի միջեւ։
Յիշեցնենք, որ Արցախի հարցը ՄԱԿի 71-րդ Ընդհանուր ժողովի օրակարգին վրայ եւս դրուած էր, սակայն չէր քննարկուած։