ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիական թռիչքներու ոլորտին մէջ վարուող քաղաքականութիւնը կը միտի ընդլայնել համագործակցութիւնը նաեւ արեւելեան գործընկերներու հետ եւ հաստատելու ուղիղ օդային հաղորդակցութիւններ այդ ուղղութիւններով:
Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութիւնը հայաստանի ռազմավարական գործընկերն է այդ տարածքին վրայ եւ այս պետութեան հետ յարաբերութիւններու զարգացման համահունչ, անհրաժեշտութիւն յառաջացած է պարբերաբար վերատեսութեան ենթարկելու գործող իրաւապայմանագրային դաշտը:
Չինացի գործընկերներու հետ բանակցութիւնները 2017-ին տուած են ակնկալուած արդիւնքը: Քաղաքացիական թռիչքներու գլխաւոր վարչութեան պետ Սերգէյ Աւետիսեանի հրաւէրով, Օգոստոս 8ին Հայաստան ժամանեց Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան քաղաքացիական թռիչքներու վարչակազմի պետի տեղակալ Վանկ Ճիցինկի գլխաւորած բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը՝ մասնակցելու երկօրեայ բանակցութիւններու:
Նշենք, որ Հայաստան Չինաստանի քաղաքացիներուն համար դիւրացուցած է մուտքի արտօնագիրներ ստանալու գործընթացը:
Չինացի պատուիրակները յայտնեցին իրենց հետաքրքրուածութիւնը Չինաստանի եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ չուերթներու կազմակերպման վերաբերեալ: Անոնք նաեւ անդրադարձան մասնագէտներու վերապատրաստման կազմակերպման, փորձառութեան փոխանակման եւ միջկառավարական համագործակցութեան զարգացման վերաբերող հարցերուն:
Հայաստանի եւ Չինաստանի պաշտօնատարները ստորագրեցին «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ օդային հաղորդակցութիւնների մասին» համաձայնագիր: