ԵՐԵՒԱՆ.- Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ Ուրբաթ, 11 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած միջոցառումներու նախապատրաստման եւ կազմակերպման պետական յանձնաժողովի հերթական նիստը, որուն ընթացքին քննարկուեցան միջոցառումներու նախագիծերը եւ հայեցակարգային մօտեցումները:
Նիստի մասնակիցներուն ներկայացուեցան նաեւ տօնական միջոցառումներուն վերաբերեալ զանազան առաջարկներ, քննարկուեցան գերատեսչութիւններու կողմէ կատարուող աշխատանքները: