Ականաւոր արձակագիր, դրամատուրգ, հրապարակախօս եւ թարգմանիչ Պերճ Զէյթունցեան, 21 Օգոստոսին, հեռացած է կեանքէն։ Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
Ծնած է 1938-ին Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս)։ ՀԽՍՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ (1989) էր: 1948 թուականին հայրենադարձած էր: Աւարտած է Երեւանի Ղազարոս Աղայեանի անուան միջնակարգ դպրոցը: 1963-ին աւարտած է Բեադիկորսքի օտար լեզուներու ուսումնարանը: 1963-1964 թուականներուն հետեւած է Մոսկուայի բարձրագոյն սենարական դասընթացներուն: 1965-1968 թուականներուն եղած է «Հայֆիլմ» արուեստանոցի խմբագիրը, 1965-1975 թուականներուն` հեռուստաֆիլմերու «Երեւան» արուեստանոցի գլխաւոր խմբագիրը, 1975-1986 թուականներուն` Հայաստանի գրողներու միութեան քարտուղարը: 1991-1992 թուականներուն եղած է ՀՀ մշակոյթի առաջին նախարարը: Առաջին գիրքը տպագրուած է 1956 թուականին:
Հեղինակ է 12 ներկայացումներու, որոնք բեմադրուած են Երեւանի թատրոններուն մէջ: Գիրքերը թարգմանուած են 11 լեզուներով, ներառեալ` ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն:
Զէյթունցեանը պետական մրցանակի կրկնակի դափնեկիր է, մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, Հռոմի արուեստներու եւ հասարակական գիտութիւններու «Տիբերինա» ակադեմիայի պատուաւոր անդամ: 2007 թուականին Պերճ Զէյթունցեանին յանձնուած է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» պատուոյ բարձր շքանշան: Ատկէ քանի մը տարի առաջ ալ արժանացած է «Հայ արուեստի ասպետ», ինչպէս նաեւ «Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի» կոչումներուն:
2013-ին ՀՀ վարչապետի որոշումով պարգեւատրուած է ՀՀ վարչապետի յուշամետալով: 2016 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 25-ամեակի առիթով, հայ գրականութեան եւ մշակոյթի զարգացման գործի մէջ ներդրած մեծ աւանդին համար պարգեւատրուած է Պատուոյ շքանշանով: