ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- 1 Սեպտեմբերին, ժամը 11:50-ի շուրջ, Պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, ականի պայթումէն զոհուեցաւ Պաշտպանութեան բանակի զինուոր, 1998-ի ծնունդ Հայկ Գագիկի Խաչատրեան:
Արցախի պաշտպանութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի:
«Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն», կ՛ըսուի Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Նահատակ Հայկ Խաչատրեան Շիրակի մարզի Գուսանագիւղ համայնքէն էր: Ան 8 ամիս առաջ կոչուած էր զինուորական ծառայութեան:
19ամեայ Հայկ Խաչատրեան տան աւագ որդին էր, ունէր իրմէ փոքր երկու եղբայր:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան յետ մահու պարգեւատրեց Հայկ Խաչատրեանը «Մարտական Ծառայութիւն» շքանշանով: