ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, 1 Սեպտեմբերին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է. «Եթէ արեւմտեան երկիրները հետեւէին ԵԱՀԿ-ի հռչակագիրներուն, ապա Ղարաբաղի, Քոսովոյի, Ուքրանիոյ եւ Մերձտնեսթրի հակամարտութիւնները վաղուց կարգաւորուած կ՛ըլլային»։
Ըստ անոր՝ Ռուսիա հակուած է պահպանելու վերջին 20 տարիներուն ԵԱՀԿ-ի եւ Ռուսիա-ՆԱԹՕ խորհուրդին կողմէ վաւերացուած հռչակագիրները. «Կը փափաքինք ապահով տարածք պահպանել եւրատլանտեան եւ եւրասիական շրջանին մէջ։ Ո՛չ ոք պիտի կրնայ ամրապնդել իր ապահովութիւնը՝ ոտնահարելով միւսներունը», ըսած է Լաւրով:
«Դժբախտաբար, այդ հռչակագիրները մնացին թուղթի վրայ՝ իբրեւ քաղաքական խոստումներ: Անոնք պարտադիր դարձնելու մեր փորձերը մերժուեցան արեւմտեան երկիրներու կողմէ», եզրակացուցած է ան։