Ճատրակի Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան յառաջդիմած է համաշխարհային ճատրակի վարկանիշային աղիւսակին մէջ:
Սեպտեմբեր ամսուան նոր դասակարգման աղիւսակին մէջ Արոնեան 4-րդ դիրքը կը գրաւէ: Նախորդ ամսուան համեմատ, ան յառաջդիմած է մէկ հորիզոնականով:
Համաշխարհային ընդհանուր դասաւորման յառաջատարը աշխարհի գործող ախոյեան Մագնուս Կարլսենն է:
Հայ շախմատիստներէն դասակարգման աղիւսակին մէջ ընդգրկուած են նաեւ Սերկէյ Մովսէսեանը (72-րդ տեղ), Վլադիմիր Յակոբեանը (79-րդ տեղ), Գաբրիէլ Սարգսեանը (102-րդ տեղ):