Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող բանաձեւի ընդունման մէջ Կանաչներու կուսակցութիւնը մեծ ներդրում ունեցաւ:
Գերմանաբնակ թուրքերուն ուղղուած Էրտողանի կոչին մէջ պահանջուած է, որ ընտրութիւններու ժամանակ չքուէարկեն Կանաչներու կուսակցութեան եւ անոնց թեկնածուներուն:
Աւելի՛ն. Էրտողան այդ թեկնածուները անուանած է «Թուրքիոյ թշնամիները»: Կանաչներու թեկնածուն կ՛ըսէ. «Կանաչներու ցանկին մէջ ըլլալը մեծ պատիւ է: Էրտողան եթէ մեզի դէմ չարտայայտուէր, կը տխրէր: Անոր արտայայտութիւնը փաստ է, որ մենք ճիշդ ճամբու վրայ ենք»:
Տարօրինակ է, որ Էրտողանի «սեւ ցուցակին» մէջ չեն ներառուած ծայրայեղ աջակողմեան կամ ազգայնական կուսակցութիւնները: Ուրիշ խօսքով, Թուրքիոյ թշնամիները միայն Ցեղասպանութեան բանաձեւին որդեգրման ուժ տուող Կանաչներու կուսակցութիւնն է:
Այս մէկը բաւական բացայայտ տուեալ մըն է` Թուրքիոյ անհանդուրժողական եւ մենատիրական վարչակարգին:
Ցեղասպանութեան օրակարգը Թուրքիոյ վարչակարգին համար ամէնէն տկար օղակներէն մէկն է, որ Թուրքիա քաղաքական, աշխարհագրական եւ պատմական իր դրուածքով միշտ կ՛ուզէ անտեսել:
Բնականաբար այսօրուան Եւրոպայի ամէնէն զօրաւոր երկրին` Գերմանիոյ կեցուածքը մեծապէս կ՛անհանգստացնէ զինք:
Անկախ ատկէ, որ այլ երկիր մը ուրիշ երկրի մը ներքին ընտրութիւններուն միջամուխ ըլլալը բաւական լուրջ օրակարգ պէտք է ըլլայ: