ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ 3 Հոկտեմբերին տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարով յայտնած է, թէ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրու Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ) այս շաբթուան ընթացքին պիտի այցելեն տարածաշրջան։
Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ համանախագահները 6 Հոկտեմբերին պիտի այցելեն Երեւան, իսկ 7 Հոկտեմբերին՝ Ատրպէյճան:
«Համանախագահները պիտի այցելեն տարածաշրջան՝ քննարկելու նախագահներուն հանդիպումը: Նիւ Եորքի մէջ անոնք առաջարկած էին առարկայական եւ խելամիտ բանակցութիւններ վարել նախագահներու հանդիպումէն ետք՝ տագնապին լուծում մը գտնելու ջանքերը խթանելու համար», ըսած է Մամետեարով: