ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան չէ բացառած այն կարելիութիւնը, որ Սոչիի մէջ կայանալիք ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընթացքին քննարկուի նաեւ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման հարցը:
Նշենք, որ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդին հերթական նիստը տեղի պիտի ունենայ 10 Հոկտեմբերին: