ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Առաւօտ».- Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Չորեքշաբթի, 4 Հոկտեմբերին, Ստեփանակերտի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ճանաչողական այցով տարածաշրջանը գտնուող ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի նորանշանակ համանախագահ Էնտրու Շոֆըրը եւ անոր հետ քննարկեց սահմաններուն վրայ տիրող իրավիճակը:
Նախագահ Սահակեան շնորհաւորեց համանախագահը իր նոր պաշտօնին նշանակուելուն առիթով եւ անոր մաղթեց արդիւնաւէտ աշխատանք:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան, սահմաններուն վրայ տիրող իրավիճակին, տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցեր: Երկու կողմերը ընդգծեցին Մինսկի խումբի ծիրին մէջ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման եւ այս ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանքներու իրականացման անհրաժեշտութիւնը:
Նոյն օրը, Էնտրու Շոֆըր Ստեփանակերտի մէջ հանդիպեցաւ նաեւ Արցախի պաշտպանութեան նախարար, Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, զօրավար Լեւոն Մնացականեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարը անդրադարձաւ արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի երկայնքին տիրող իրադրութեան ու անկէ բխող զարգացումներուն:
Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահի օգնական Ալամանտա Կրիփի: