Ուրբաթ, 6 Հոկտեմբերին, Թուրքիոյ մէջ ցուցադրուելու կը սկսի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող նոր ժապաւէն մը, որ կը կրէ «Կարաւան 1915» խորագիրը:
Թրքական «Պէյազփերտէ» (Beyazperde) կայքը կը հաղորդէ, որ տեղի պիտի ունենայ «Կարաւան 1915» ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը, որուն պիտի մասնակցի Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Նուման Քուրթուլմուշ:
Ըստ կայքին՝ թուրք բեմադրիչը կը նշէ, թէ իր ֆիլմին մէջ ինք չի փորձեր ցոյց տալ թէ ցեղասպանութիւն եղած է կամ հակառակը, այլ պարզապէս կը ներկայացնէ տայ կառապանի մը պատմութիւնը, որուն յանձնարարած էին Կիրեսունի մէջ ապրող 200 հայեր տեղափոխել Հալէպ եւ ընթացքին ան «անձնուիրաբար» կը պաշտպանէ իրեն «վստահուած» հայերը աւազակներու յարձակումներէն:
Ան կը շեշտէ, թէ Կիրեսունէն Հալէպ երթալու ընթացքին զանազան վայրերու մէջ ֆիլմի հերոսները ականատես կ՛ըլլան կոտորածներու տեսարաններու:
Ֆիլմին երաժշտական ձեւաւորումը իրականացուցած է Սուրէն Ասատրեան: