ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս».- Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Ուրբաթ, 6 Հոկտեմբերին, ընդունեց Samsung ընկերութեան բջիջային կապի հարցերով փոխնախագահ Սէունկսիք Չոն: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի մէջ Տեղեկատուական արհեստագիտութեան (IT) ոլորտին մէջ նախատեսուող ծրագիրներ: Սէունկսիք Չօ նշած է, որ ծրագիրները կեանքի կոչելու ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները կ՛ընթանան յաջող եւ իրենց նպատակն է հայկական շուկային ներկայացնել նորարարական նոր առաջարկներ: