Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Փետրօ Ակրամունթը հրաժարական տուած է: Ընկերային ցանցերու մէջ տարածուած է անոր հրաժարականի դիմումը: Յղում ընելով ԵԽԽՎ-ի մէջ ստեղծուած ճգնաժամին` ան անիրականանալի կը համարէ իրագործել իր վրայ դրուած պարտականութիւնները:
«Ուստի, հետեւելով նաեւ իմ բժշկի խորհուրդին, սոյնով կը ներկայացնեմ իմ պաշտօնական հրաժարականը որպէս ԵԽԽՎ նախագահ»,- կը կարդանք Ակրամունթի նամակին մէջ:
Այդուհանդերձ կը նշուի նաեւ, որ ան պիտի մնայ ԵԽԽՎ անդամ եւ պիտի շարունակէ գլխաւորել սպանական պատուիրակութիւնը:
Յիշեցնենք, որ ամիսներ առաջ ԵԽԽՎ-ի մէջ աղմուկ բարձրացաւ, երբ Փեթրօ Ակրամունթը ռուս պատգամաւորներու հետ այցելած է Սուրիա: Ակրամունթը նշած է, որ ատիկա մասնաւոր այց եղած է, ԵԽԽՎ-ի աշխատանքի հետ կապ չունեցող, սակայն խոստովանած է, որ պարտաւոր էր տեղեկացնել իր մտադրութիւններուն մասին միւս քաղաքական խումբերու ներկայացուցիչներուն: ԵԽԽՎ-ն կը պահանջէր Ակրամոնթի հարցապնդումը:
Ան նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ կաշառուած ըլլալու խայտառակութեան մէջ ներգրաւուած է: