ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի կառավարութիւնը Հինգշաբթի օրուան իր նիստով հաստատեց կաթիլային ոռոգման համակարգերու արտադրութեան ծրագիրը: Առաջնահերթ համարուող այս ոլորտէն ներս իրականացուող սոյն ներդրումային ծրագիրի շրջանակին մէջ, «Նիւպլաստ» ընկերութիւնը պիտի կարենայ օգտուիլ ծրագիրին համար հարկաւոր արհեստագիտական սարքաւորումները, անոնց բաղկացուցիչ ու համալրող մասերը, հումքն ու նիւթերը ներմուծելու մաքսատուրքէն ազատելու արտօնութենէն։
Ներմուծուող իրերը պիտի օգտագործուին կաթիլային ոռոգման համակարգերու արտադրութեան համար: Ծրագիրի շրջանակէն ներս, ցարդ արդէն իսկ կատարուած է 3 միլիառ դրամի ներդրում, եւ կը նախատեսուի 1.1 միլիառ դրամի ներդրում եւս:
Ընկերութիւնը կը նախատեսէ ստեղծել 25 նոր աշխատանքի առիթներ՝ 200,000 դրամ միջին աշխատավարձով: Նախատեսուած արտադրանքին ծաւալը պիտի կազմէ 2 միլիառ դրամ, որ ամբողջութեամբ պիտի վաճառուի Հայաստանի մէջ: